Պատերազմը օձագալար սողում է դեպի Ղարաբաղ, Հայաստան` ոտնատակ տալով խորհրդային առասպելները, պատրանքները, երազանքները. Հասկացավ հայ մայրը` իր որդին զինվոր է… Հասկացավ հայ կինը, որ ամուսինը զորավոր է, հասկացավ հարսնացուն` նշանածը պարտավոր է, հասկացավ մինչ անգամ փոքրիկն ու գոչեց.-Չվախենաս, Ղարաբաղ, Տիգրանիկն էլ զինվոր է: Ու օրհնանքը դուրս ելավ սեղմված ատամների արանքից, թառեց շուրթերին ու արձագանքեց հայոց լեռներում…հպարտ լեռներում…
Ազգի մը պատմութիւնը անոր կենսագրութիւնն է, որ կը սկսի անոր ծննդեան թուականով ու կը հասնի մինչեւ մեր օրերը։ Անշուշտ պատմութեան թատերաբեմէն հեռացած ազգեր ալ կան, որոնց մահով վերջակէտ մը կը դրուի իրենց պատմութեան։
Պատմութիւնը ազգի մը հաւաքական յիշողութիւնն է, որ պէտք է միշտ վառ պահուի։
Մենք՝ հայերս, աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մին ենք։ Պատմութեան սկզբնական օրերէն մեր դրացիներէն ոմանք՝ Շումերներ (Սումերներ), Ասուրաբաբելացիներ (Աքքադացիներ), Խեթեր (Հիթիթներ) ... այլեւս գոյութիւն ունենալէ դադրած են, իսկ ուրիշներ ՝ վրացիներ, յոյներ, պարսիկներ, արաբներ... իրենց գոյութիւնը կը շարունակեն։
Ազգի մը ծննդեան թուականը ճշդելու համար պէտք է գիտնալ այդ շրջանի իր դրացիներուն պատմութիւնը, նաեւ ուսումնասիրել պեղումներու հետեւանքով յայտնաբերուած իրերը եւ յուշակոթողներու վրայ փորագրուած գրութիւնները։
Հայկական Լեռնաշխարհը, որ Մեծ Հայք ալ կը կոչուի, Հին Քարի դարէն (Բալեոլիթիք-Paleolithic) սկսեալ մարդկութեան բնակութիւն հաստատած վայրերէն մին եղած է։ Հայաստանի մէջ գտնուած են Հին Քարի դարին սկզբնական շրջանին պատկանող, մօտաւորապէս 800,000 տարուայ հնութիւն ունեցող քարէ գործիքներ։
Տնտեսական ու մշակութային կապերու եւ հասարակաց թշնամիին դէմ միասնաբար պայքարելու անհրաժեշտութիւնը ծնունդ տուած է ցեղային միութեան։ Աւելի ուշ, ցեղերու ձուլումով կազմաւորուած է ազգը՝ իր յատուկ լեզուով ու հողատարածքով։
Հայոց լեզուն իւրայատուկ է միայն հայերուն եւ կը պատկանի հնդեւրոպական մայր լեզուին, որ իր մէջ յառաջ եկած բաժանումներու հետեւանքով ծնունդ տուած է նաեւ յունարէնին, պարսկերէնին, հնդկերէնին, ալպաներէնին, սլովական, ռոմանական ու գերմանա ...