|
Յիշածս ու յիշածս անունները կը ներկայացնեն այն սերունդը, որ իր զոհաբերութեամբ, իր յեղափոխական խառնուածքով, իր բարոյական ըմբռնումներով մէկ անգամ միայն ծնաւ մեր կեանքին մէջ եւ երկրորդ անգամ այլեւս աշխարհ չտեսաւ: Անոցմէ ոմանք միայն յիշեցի, … բայց ուրիշ ատեն, երբ կարելի լինի, պէտք է տալ անոնց բոլորին նկարագիրը, որովհետեւ անոնցմէ ոմանք հայոց կեանքի մէջ վճռական դեր կատարեցին: Ես շատ սերունդներ տեսայ տարբեր վայրերու մէջ, բայց այդ սերունդին համն ու հոտը տարբեր էր, ինչպէս Արտամետի խնձորինը, թէկուզ մէջը որդ ինկած լինի…
 |