|
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
Հայ ժողովուրդի վերջին դարերու կեանքին մէջ կոտորածներն ու սարսափները անպակաս եղած են, բայց ինչ որ 1915 ին յղացուեցաւ եւ գործադրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ, աննախընթաց էր հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Հին ու հարուստ մշակոյթի տէր ժողովուրդ մը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ենթարկուեցաւ իր հայրենիքին մէջ: Ան կորսցուց իր թիւին մէկ երրորդը, իսկ հողերուն` հինգ վեցերորդը:
Հայութիւնը տեղահան եղաւ պատմական իր հայրենիքէն եւ գազանութեամբ կոտորուեցաւ Միջագետքի անապատներուն մէջ: Միջազգային հանրային կարծիքը սոսկաց կատարուած բարբարոսութիւններուն համար, բայց իր մեծ պետութիւններով եւ միջազգային ատեաններով անզօր եղաւ դադրեցնելու կատարուող Ցեղասպանութիւնը, պատժելու ոճրագործները եւ հատուցում կատարելու անիրաւուած ժողովուրդի մը զավակներուն:
Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած մեծ թիւով հայեր սփռուեցան աշխարհի չորս կողմերը եւ կազմեցին արդի հայ սփիւռքը:
ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ
Սուլուխի կռիւով (27 Մայիս 1907) կը փակուէր Հայկական յեղափոխութեան արիւնալի մէկ էջը: Տարի մը ետք, Յուլիս 1908ին կը պայթէր Երիտասարդ Թուրքերու կուսակցութեան («Իթթիհատ վէ Թէրաքքը») յեղափոխութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք` կը հռչակուէր օսմանեան սահմանադրութիւնը: Յանկարծ կ΄այլափոխուէր երկիրը: Ծայր կուտար զգացական գինովութիւնմը, մամուլէն ինչեւ պաշտօնական հաստատութիւններ եւ փողոց: «Ազատութիւն, եղբայրութիւն, Հաւասարութիւն» նշանախօսքերը կը լսուէին ամէն կողմէ. կը կազմակերպուէին խանդավառ միթինկներ , տեղի կ΄ունենային հանդիսութիւններ, եւայլն:
ՍԱՀՄԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻՆԵՐԸ
Սահմանադրութեան հռչակումը Հայութեան առջեւ կը բանար ինքնակազմակերպումի, աշխատանքի եւ վերանորոգումի նոր հորիզոններ: Բոլորը խանդավառ էին: Լաւատես չէին, սակայն, Դաշնակցութեան մարտական շարքերը: Անոնք անարիւն այս յեղափոխութեան հաւատք չէին ընծայեր. կարելի չէր թուրքին վստահիլ, կը տրամաբանէին անոնք ժողովուրդային առողջ բնազդով. կարելի չէր ակնկալել, որ դարերով արմատացած իրականությունները յանկարծ մոգական սահմանադրութեամբ մը «բարեփոխուէին»:
Յամենայնդէպս, Դաշնակցութեան առջեւ տրամաբանական մէկ վարքագիծ կար: Սահմանադրութեան զօրավիգ կանգնիլ ամէն գնով, աշխատիլ որ նոր կարգերը զօրանան ու արմատանան, որովհետեւ միայն այդ ձեւով կարելի էր խօսիլ ժողովուրդի ազատ բարգաւաճումին ու ապահովութեան մասին:
Հայութիւնը կը մասնակցի խորհրդարանական ընրութիւններուն եւ 14 հայեր մաս կը կազմեմ 288 երեսփոխան հաշուող օսմանեան խորհրդարանին: Երեսփոխաններու շարքին կ΄ըլլան Վահան Փափազեան, Համբարձում Պոյաճեան, Արմէն Գարօ, Գրիգոր Զոհրապ, Վարդգէս, Գեղամ Տէր Կարապետեան, Արշակ Վռամեան, եւայլն:
1909Ի Ապրիլին տեղի կ΄ունենան Կիլիկիոյ ջարդերը: Ամբոխը կը յարձակի հայերու վրայ եւ քանի մը օր կոտորած տեղի կ΄ունենայ: Խորհրդարանին մէջ Հայերու բարձրացուցած աղմուկին վրայ կառավարութիւնը երեք հոգիէ բաղկացած քննիչ յանձնախումբ մը կ΄ուղարկէ Ատանա: Յանձնախումբին անդամ էին յոյն, թուրք եւ hայ երեսփոխաններ: Հայ երեսփոխանը` Յակոբ Պապիկեան, որ իթթիհատական էր, իր տեղեկագիրը կը պատրաստէր, սակայն վերջինը խորհրդարան չէր հասներ, որովհետեւ Պապիկեան «յանկարծամահ» կ΄ըլլար: Սակայն, քանի մը տարի ետք հայերէնով հրատարակուած իր տեղեկագիրէն ի յայտ կու գայ, որ Իթթիհատը Ատանայի ջարդերու կազմակերպումին մէջ կարեւոր դեր խաղացած էր:
Ջարդերը խլած էիր 30 հազար զոհ: Հայկական շրջանակներու մէջ խոր էր յուսախաբութիւնն ու զայրոյթը: Կարելի չէր ակնակալել, որ սահմանադրական շարժումի օրերուն ալ Համիտեան սարսափները կրկնուէին:
1912ի Ապրիլին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւնները վերջին հարուած մը տուին Իթթիհատի կապուած հայության յոյսերուն: Խոստացուած էր որ հայերը պիտի ունենային 16-18 երեսփոխան, սակայն Իթթիհատ ամէն միջոցի դիմեց, որպէսզի միայն 10 երեսփոխաններ ընտրուէին հայերէն…:
ԲԱՐԵՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ՓՈՐՁԸ
Ընտրություններու տարին ծայր տուաւ թուրք-պալքանեան պատերազմը, որ վերջացաւ թուրքերու կատարեալ պարտութեամբ: Սիպուած` թուրքերը հաշտութիւն խնդրեցին: Այդ ժողովին ներկայ գտնուեցան եւրոպական վեց մեծ պետութիւններու ներկայացուցիչները, իսկ էջմիածնի Կաթողիկոս Գեորգ Ե. Հայկական հարցը ժողովին ներկայացուց` ղրկելով պատուիրակութիւն մը, Պողոս Նուպար Փաշայի նախագահութեամբ:
Ժողովի աւարտին, 8 Փետրուար 1914ին, կարելի եղաւ կնքել ռուս-թուրք համաձայնութիւնը, որով արեւելեան նախկին եօթը նահանգները, Էրզրում եւ Վան կեդրոններով, կը բաժնուէին երկու ընդարձակ շրջաններու: Այս մարզերէն իւրաքանչիւրը օժտուած պիտի ըլլար եւրոպացի ընդհանուր քննիչով մը, որ պիտի հսկէր պաշտօնէութեան, վարչական գործերու եւ արդարութեան գործադրութեան: Պիտի ստեղծուէին տեղական խորհրդարաններ, պիտի կազմակերպուէին ոստիկանութիւնը եւ ապահովութեան ուժերը, որոնց մէջ հայերը իսլամներուն հաւասար կամ իրենց ընդհանուր թիւին համեմատութեամբ տեղ պիտի ունենային: Նշանակուած երկու ընդհանուր քննիչները եղան հոլանտացի Հոֆը եւ նորվեկիացի Վեստենենկը, որոնցմէ առաջինը միայն հասած էր իր պաշտօնատեղին` Վան, երբ ծագեցաւ Ա. Աշխարհամարտը: Թրքական կառավարութիւնը, որ արդէն ակամայ ենթարկուաց էր եղած կարգադրութեան, առիթէն օգտուելով, պաշտօնէ արձակեց ու ճամբեց երկու քննիչները:
|